image

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 663-ի

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 663-ի

Հայաստանի մէջ 2 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ նոր «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 92 նոր դէպք գրանցուած է: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու եւ վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնը:

Յիշեցնենք, որ երէկ հաղորդուած տուեալներու համաձայն՝ գրանցուած էր «Քորոնա» ժահրի 571 դէպք:

Ընդհանուր առմամբ՝ 2 ապրիլին հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 663 դէպք: