Քիչ առաջ իր մահկանացուն կնքած է արկածի հետեւանքով հիւանդանոցը գտնուող հայազգի ախոյեան Լեւոն Արոնեանի կինը ՝ Արիանա Քաոիլին։
Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնած է ինքը ՝ Լեւոն Արոնեանը, որ դիմատետրի գրառում մըն ալ կատարած է` յայտնելով իր խորին ցաւը։
Յիշեցնենք, որ Արիանան երկու շաբաթ առաջ ենթարկուած էր ինքնաշարժի արկածի, փոխադրուած էր հիւանդանոց ու բարելաւուելէ ետք դուրս բերուած վերակենդանացման բաժանմունքէն։
Հանգուցեալը այսօր ունեցած է առողջական լուրջ բարդացումներ, որուն հետեւանքով ալ փակած է իր աչքերը յաւերժին մէջ։