Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ 29 մարտի տուեալներով Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա»-ով վարակուածներու 424 դէպք. վարակուածներէն 3-ը մահացած են, իսկ 30-ը՝ բուժուած: Հետեւաբար այս պահուն Հայաստանի մէջ վարակ ունեցող եւ բուժուող մարդոց թիւն է ՝ 391։
Կը նշուի նաեւ, որ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» վարակի ախտորոշում անցած եւ ժխտական պատասխան ունեցած են 2054 քաղաքացիներ։