image

Հայաստանի մէջ մահացած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած ծանր հիւանդը

Հայաստանի մէջ մահացած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած ծանր հիւանդը

Այսօր «Նորք» վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ  մահացած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած  տարեց հիւանդը: Այս մասին յայտնած են ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն, նշելով, որ հիւանդն ունեցած է  երկկողմանի թոքաբորբ, միզելու  հետ կապուած  խնդիրներ, շնչառութեան դժուարութեան համախտանիշ, արեան ճնշման հիւանդութիւն եւ սրտի զարկի խանգարում։ Ցաւօք, ուղեկցող հիւանդութիւններու պատճառով հնարաւոր չէ եղած փրկել վերջինիս կեանքը։ 

Նախարարութենէն յայտնած են նաեւ, որ հիւանդը երէկուընէ գտնուած է վերակենդանացման բաժանմունքէն ներս,  եւ անոր վիճակը  ծայրայեղ ծանր էր: 

 Ան 72 տարեկան էր: