image

Հայաստան. «Քորոնա»ի հարցով 37 կասկածելիներ հիւանդանոց տարուած են

Հայաստան. «Քորոնա»ի հարցով 37 կասկածելիներ հիւանդանոց տարուած են

Առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմնի ղեկավար Յակոբ Աւագեանը «Հեռանկարի» տաղաւարին մէջ խօսած է այն աշխատանքներու մասին, որոնք կը ձեռնարկուին նոր «քորոնա» ժահրի ներթափանցումը Հայաստան կանխելու համար:

«Մենք ժամանող մարդոց ոչ միայն ջերմութիւնը կը ստուգենք, այլ նաեւ հեռահար ջերմաչափման գործիքներէն զատ արտաքին զննութիւն կ'իրականացնենք: Կրնայ ջերմութիւն չունենալ, կամ դիտաւորեալ դեղ խմած ըլլալ, որ իջնէ, բայց ախտանիշներ ըլլան: Ակնյայտ ախտանիշները հնարաւոր է ճանչնալ»,- ըսած է Աւագեանը:

Ըստ Առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմնի ղեկավարի՝ այլ միջոցառումներ եւս կը ձեռնարկուին.

«Մենք կը համագործակցինք ԱԱԾ-ի, ԱԳՆ-ի հետ, երբ գիտենք, որ վտանգաւոր երկրներէ ժամանող ուղեւորներ պիտի ունենանք, նախօրօք իրենց մասով կը լրացուին հասցէական քարտեր: Մենք արդէն 1271 հասցէական քարտ լրացուցած ենք 24 յունուարէն, որոնցմէ 36-ը հիւանդանոց տեղափոխուած են սահմանային հսկիչ կէտերէն․ մեծ մասը՝ «Զուարթնոց» օդակայանէն, երկրորդ տեղը Բագրատաշէնն է», – աւելցուցած է Առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմնի ղեկավարը:

Ինչ կը վերաբերի Մեղրիի անցակէտին, ապա այնտեղէն հիւանդանոց տանելու ընդամէնը մէկ դէպք գրանցուած է: ՀՀ քաղաքացի է, առեւտրական եղած է, պարզուած է, որ քորոնաով վարակուած չէ:


Լուրը՝ «Շանթնիւզ»էն