image

«Դէպի Սուրիա այցս մօտալուտ է» Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Հայաստանի մօտ Սուրիոյ դեսպանը (Լուսանկար)

«Դէպի Սուրիա  այցս մօտալուտ  է» Ամենայն Հայոց  Կաթողիկոսը ընդունեց Հայաստանի մօտ Սուրիոյ դեսպանը (Լուսանկար)

Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ  Սուրիոյ  Արաբական Հանրապետութեան  արտակարգ  եւ լիազօր դեսպան  Մոհամմատ Հաժ  Իպրահիմ  այսօր այցելութիւն տուած է Սուրբ  Էջմիածին եւ ընդունուած   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Գարեգին Բ.ն  Ամենայն  Հայոց  Վեհափառին կողմէ։

Հանդիպման ընթացքին  քննարկման  նիւթ  դարձած են Սուրիոյ     եւ մասնաւորապէս Հալէպի  վերջին զարգացումները։  Նորին Սրբութիւնը  մեծապէս  կարեւորած է   վերջին օրերուն   Սուրիոյ  քաջարի բանակին կողմէ գրանցուած  յաղթանակները  յոյս   յայտնելով, որ     շնորհիւ   իր   ղեկավարութեան  եւ  համաժողովրդային    նեցուկին Սուրիան պիտի կարողանայ   յաղթանակած  դուրս   գալ  այս տագնապէն,  արմատախիլ ընելով Սուրիոյ  կարգ մը  շրջաններուն մէջ   մինչեւ այս պահը  գոյութիւն ունեցող  ահաբեկչական   խմբաւորումները։

Գարեգին  Բ.  Կաթողիկոս   կարեւորած է  նաեւ Սուրիոյ Ազգային  Ժողովին կողմէ վերջերս որդեգրուած   որոշումը   ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան   ճանաչման վերաբերեալ  նկատել տալով,  որ Սուրիան   միշտ ալ   զօրավիգ  եղած է   հայութեան  խնդիրներուն ու  հայ ժողովուրդին։

Վեհափառ  հայրապետը նաեւ ըսած է, որ  ամենայարմար  առիթին այցելութիւն պիտի տայ   Սուրիա մօտէն  ծանօթանալու համար ընդհանուր  վիճակին, ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան ընդհանուր խնդիրներուն։

Իր կարգին դեսպան Իպրահիմ   շնորհակալութեան   խօսք  ուղղած է  Գարեգին Բ.  Կաթողիկոսին ու անոր  միջոցաւ  Հայաստանին ու հայութեան   սուրիական հայրենիքին  իրենց ցուցաբերած       յարգանքի եւ ուշադրութեան  առընթեր    բարձր  գնահատելով  նաեւ Հայաստանի կողմէ    Սուրիոյ  ուղղուած      մարդասիրական   առաքելութեան իրականացումը։

Նշենք, որ  հանդիպման ներկայ  եղած է  Սուրիահայ  եւ ներկայիս   Հայաստան բնակութիւն հաստատած ազգային բարերար  Գաբրիէլ   Չէմպէրճեանը։

 

 

 

Լուրը ՝  «Սանա»   գործակալութիւնէն։