image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ պայմանագրային զինծառայող զոհուած է

Արցախի մէջ պայմանագրային զինծառայող զոհուած է

Արցախի պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ, 14 փետրուարին, ժամը 19:00-ի սահմաններուն մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՊԲ պայմանագրային զինծառայող, 1997-ի ծնունդ Հայկ Ներսէսի Ասրեանը:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն, դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: