image

«Սուրիոյ Խորհրդարանի`Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը հայ-սուրիական բարեկամութեան վկայութիւնն Է» Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն

«Սուրիոյ Խորհրդարանի`Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը հայ-սուրիական բարեկամութեան վկայութիւնն Է» Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն

«Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման վերաբերեալ բանաձեւը վառ վկայութիւնն է հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան եւ փոխադարձ համակրանքին: Անիկա ծանրակշիռ աւանդ է պատմական արդարութեան վերականգնման եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար», նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան` Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման վերաբերեալ բանաձեւին վերաբերող յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «Բարձր կը գնահատենք Սուրիոյ խորհրդարանի` Օսմանեան պետութեան կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը:

Երիտթրքական կառավարութեան կողմէ սանձազերծուած ցեղասպանութիւնը, որուն զգալի մէկ հատուածը իրականացած է այն ատեն Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող Սուրիոյ տարածքին, հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու ընդհանուր պատմական յիշողութեան մաս կը կազմէ:

Սուրիացի ժողովուրդը` ականատեսը ըլլալով հայ ժողովուրդին  նկատմամբ իրականացած եղեռնագործութեան, առաջիններէն էր, որ օգնութեան ձեռք երկարեց Ցեղասպանութեան զոհերուն: Հազարաւոր վերապրածներ Սուրիոյ մէջ վերագտան իրենց նոր հայրենիքը` կազմաւորելով հայ ամէնէն ծաղկուն համայնքներէն մէկը եւ իրենց ներդրումը ունեցան Սուրիոյ զարգացման գործին մէջ:

Այսօր, երբ դժուար պայմաններու մէջ կ՛ապրի Սուրիոյ  ժողովուրդը, մենք մեր համերաշխութիւնը եւ զօրակցութիւնը կը յայտնենք առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործին»: