image

Երեւան. Հրդեհ Արշակունեաց փողոցին մէջ. Կայ զոհ

Երեւան. Հրդեհ Արշակունեաց փողոցին մէջ. Կայ զոհ

31 Յունուարին` ժամը 04:06-ին 911 ահազանգման կեդրոն հրդեհի մասին ահազանգ ստացուած է, թէ հրդեհ բռնկած է Երեւանի Արշակունեաց պողոտայի թիւ 135 գ շէնքի 2-րդ յարկի բնակարաններէն մէկուն մէջ:

Դէպքի վայր մեկնած է ԱԻՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն երկու մարտական հաշուարկ:

Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 04:22-ին, մարած՝ 04:49-ին:

Ամբողջութեամբ այրած է պատշգամը՝ գոյքով (12 քմ), մասամբ ջերմահարուած են լոգասենեակի կախովի առաստաղը (մօտ 5 քմ) եւ խոհանոցի գոյքը: Պատշգամը յայտնաբերուած է Վլատիմիր Մ.-ի (1932 թ.) այրած դին: