image

«Էրեբունի Փլազա» պիզնես կեդրոնին մէջ կրակոցներ հնչած են. Ոստիկանութեան պարզաբանումը

«Էրեբունի Փլազա» պիզնես կեդրոնին մէջ կրակոցներ հնչած են. Ոստիկանութեան պարզաբանումը

Երեւանի կեդրոնը գտնուող՝ «Էրեբունի Փլազա» պիզնես կեդրոնին մէջ այսօր կրակոցներ հնչած են: «Էրեբունի Փլազա»-ի մէջ տեղակայուած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակը, «5-րդ ալիք» հեռուստաընկերութիւնը։


Քիչ առաջ ոստիկանութիւնը հաղորդագրութեամբ տեղեկացուցած է, որ այսօր՝ ժամը 14:40-ին, ոստիկանութիւնը ահազանգ ստացած է, որ «Էրեբունի Փլազա» հիւրանոցին մէջ զինուած անձ կայ։


«Անմիջապէս դէպքի վայր մեկնած են դաշտային խումբեր։ Կը կատարուին անյետաձգելի աշխատանքներ։ Կ'ընթանան բանակցութիւններ», -ըսուած է ոստիկանութեան հաղորդագրութեան մէջ:​ Տուժածներ չկան: