ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այսօր՝ 22 յունուարին Ազգային ժողովէն ներս կառավարութեան անդամներու հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ պիտի անդրադառնայ ԱԱԾ նախկին տնօրէն Կէորկի Կուտոյեանի մահվան հանգամանքներուն առնչուող թեմային:
Այս մասին վարչապետն ըսած է իր «Ֆեյսպուք»-ի էջի ուղիղ եթերէն, երբ խօսած էր ամանօրեայ ծախսերու մասին:
«Մնացած հարցերու մասով համոզուած եմ, որ ե՛ւ ԱԱԾ նախկին տնօրէնի մահուան հանգամանքներու հետ կապուած, ե՛ւ սպանդանոցներու հետ կապուած հարցերը պատգամաւորները պիտի բարձրացնեն եւ անոնց ես մանրամասն պիտի անդրադառնամ»,-ըսած է վարչապետը: