image
Հրատապ լուրեր:

Երիտասարդ հայրենադարձը ոգեշնչուած է հայաստանեան կեանքով

Երիտասարդ հայրենադարձը ոգեշնչուած է հայաստանեան կեանքով

Արազ Քեքեշեանը երիտասարդ հայրենադարձ է՝ Լիբանանէն: Ան Հայաստանի մէջ զարգացող արհեստագիտական ոլորտի երիտասարդ դերակատարներէն մէկն է: 2016 թուականին Պէյրութէն վերադարձած է Հայաստան, իսկ այսօր արդէն Ամերիապանքի նախագիծերու ղեկավարն է՝ արդիւնաւէտօրէն կիրառելով տուեալներու կառավարման բնագաւառին մէջ ձեռք բերած իր գիտելիքներն ու օգնելով հասնիլ նորարար, թուայնացուած լուծումներու:

 
Թէեւ Արազի մանկութիւնն անցած է Լիբանանի հայ համայնքի կեանքէն ներս լիակատար ներգրաւուածութեամբ, այնուամենայնիւ, անոր կ'ոգեշնչէր երեւանեան նոր ուժը: Զգացմունքային կապերէն բացի՝ նաեւ մասնագիտական հմտութիւնները հնարաւորութիւն տուին անոր իր կեանքն ամբոջութեամբ տեղափոխել այստեղ: Որոշեց տուեալներու կառավարման գիտութեան մագիստրոսի կոչումը ստանալ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանէն, այնուհետ «Girls in Tech» հասարակական կազմակերպութեան մէջ սկսաւ դասընթացներ վարել տուեալներու արտածման վերաբերեալ: Հետաքրքրուած ըլլալով Արազի մասնագիտական յետագծով՝ Ամերիապանքը դիմած է անոր միասին աշխատելու առաջարկով:


Ակնյայտ է, որ Հայաստանը արագօրէն կը վերածուի մեծ IT կեդրոնի, սակայն Արազը կը նկատէ, որ դեռ բնագաւառին մէջ առկայ է մասնագէտներու պակաս: Կան անթիւ հնարաւորութիւններ սորվելու եւ սկսելու շշմեցուցիչ ասպարէզ՝ անկախ անկէ Երեւանէն դուրս էք կ'ապրիք, թէ ընդհանրապէս համաշխարհային հայկական սփիւռքի համայնքներէն մէկուն մէջ: «Յեղափոխութիւնը սկսաւ մտածողութիւն փոխել՝ դրդելով մարդոց դառնալ աւելի լաւը: Եթէ մենք բոլորս ընենք մեր լաւագոյնը, անյաղթահարելի ոչինչ կ'ըլլայ»:

 

 

Սփիւռքի Գլխաւոր Յանձնակատարի Գրասենեակ