Դեկտեմբեր 8-էն 14-ը ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին հակառակորդը խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը շուրջ 140 անգամ` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղությամբ արձակելով աւելի քան 1500 կրակոց:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծին եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: