image

Արցախի մէջ զոհուած է զինծառայող մը. Կայ նաեւ վիրաւոր

Արցախի մէջ զոհուած է զինծառայող մը. Կայ նաեւ վիրաւոր

Դեկտեմբեր 2-ին` ժամը մօտ 06:50-ին, ՊԲ հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ, հրազէնային վէրքէ զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 1998-ի ծնունդ Արթուր Իշխանի Աջամեանը, իսկ զինծառայող, 1999-ի ծնունդ Դաւիթ Յարութիւնի Մելիքբեկեանը վիրաւորուած է:

Ինչպէս կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան ՊՆ մամուլի ծառայութենէն, դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:

Դէպքին առթիւ  երրորդ կայազորային քննչական բաժնին մէջ ՀՀ քրէական օրենսգիրքի 34-104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կետով հարուցուած է քրեական գործ, կը կատարուի նախաքննութիւն: