image

Փաշինեան մարտահրաւէր նետեց ամերիկահայ երեք յայտնիներու

Փաշինեան մարտահրաւէր նետեց ամերիկահայ երեք յայտնիներու

Ստեղծման օրէն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով 635 քիլոմեթր ճանապարհ կառուցուած է, 970 ընտանիքներու համար բնակարաններ կառուցուած են, ինչպէս նաեւ 585 քմ՝ ջրագիծ, 364 կառուցուած, վերանորոգուած, կամ վերակառուցուած դպրոց, 75 կառուցուած կամ նորոգուած բուժհաստատութիւն, 59 մշակութային եւ մարզական կեդրոն, 29 համայնքային կեդրոն, 115 ջերմոց, 173 կրթական, գիտական եւ մշակութային ծրագիր իրականացուած է։ Այս մասին 28 նոյեմբերին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ամենամեայ հեռուստամարաթոնին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Կը յիշէք, որ ես լրագրող եմ, ապա եղեր եմ ընդդիմադիր պատգամաւոր, որ կը սիրէ հարցեր տալ։ Եւ ես ես ինծի հարց տուի՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 27 տարուան ընթացքին ինչքան գումար հաւաքած է եւ պարզ դարձաւ, որ այդ գումարը 370 միլիոն տոլարի կարգի է։ Եղեր են նաեւ ոչ գումարային նուիրատւութիւններ։ Մենք 27 տարի նոյն շրջանակէն ակնկալեր ենք գումար, սա խնդիր է եւ որոշակի վստահութեան խնդիր գոյութիւն ունեցած է։ Մենք պէտք է փոփոխութիւն ընենք․ խոշոր, բայց սահմանափակ թիւով մարդոց նուիրատւութենէն պէտք է անցում կատարենք փոքր, բայց մեծ թիւով մարդոց նուիրատւութեան տրամաբանութեան»,-նշած է ան։

Փաշինեանը մարաթոնին մարտահրաւէր նետեց աշխարհահռչակ հայերէն Սերժ Թանքեանին, Քիմ Քարտաշեանին եւ Ալեքսիս Օհանեանին․ «Եթէ 5 միլիոն հայ տարուայ ընթացքին նուիրէ հիմնադրամին 200 տոլար կամ ամիսը 20 տոլար կամ 20-էն քիչ մը շատ, տարուայ կտրուածքով կ'ունենանք 1 միլիառ 250 միլիոն տոլար։ Հիմնադրամի ամէն կոպէկի ծախսման արդիւնաւէտութիւնը պիտի ըլլայ կրկնակի, եռակի հսկողութեան տակ, մենք պիտի բացառենք որեւէ չարաշահում։ Ես այսօր մտած եմ հիմնադրամի էջ եւ կարգաւորումն այնպէս դրած են, որ ամէն ամիս 10 հազար դրամ նուիրաբերուի հիմնադրամին։ Ես մարտահրաւէր կը նետեմ 3 հայու՝ Սերժ Թանքեանին, Քիմ Քարտաշեանին եւ Ալեքսիս Օհանեանին։ Շատ կարեւոր է, որ այս գործընթացը ընէք հրապարակային եւ մարտահրաւէր նետէք եւս երեք հայու»։