«Լիտիան Արմենիա» ՓԲԸ-ն դատական հայց ներկայացուցած է ընդդէմ ՀՀ շրջակայ միջավայրի նախարարութեան։ Այս մասին «Փաստինֆօ»-ին յայտնած է «Լիտիան Արմենիա» ընկերութեան իրաւաբան Արմէն Մելքումեանը։ «Հայցը կը վերաբերի ջրօգտագործման թոյլտւութեան նախագիծի ակնյայտ ապօրինի մերժելու հիմքերուն, ժամկէտներու բացթողման, վարչական վարոյթի իրականացման գործընթացներու կոպիտ խախտումներուն եւ այլն»,- ըսած է Մելքումեանը։
Մելքումեանը նշած է, որ ջրօգտագործման թոյլտւութեան վերաբերեալ առաջին անգամ դիմած են փետրուար ամսուն, սակայն առաջացած է լրացուցիչ փաստաթուղթերու անհրաժեշտութիւնը, այնուհետեւ, ներկայացնելով անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, թարմացուցած են յայտը։ Իսկ երկրորդ անգամ դիմած են ամրան՝ յուլիս ամսուն։
Ընկերութիւնը դիմած էր նախարարութեան՝ Դարբ գետէն 43.5 լիթր/վայրկեան ջրօգտագործման թոյլտւութիւն ստանալու համար։ 26 Սեպտեմբերին ընկերութիւնը գրաւոր պատասխանած էր նախարարութեան՝ վերանայելով թոյլտւութեան դիմումը եւ դիմելով 40 լ/վ ջրօգտագործման թոյլտւութեան համար: Ըստ ընկերութեան՝ 31 հոկտեմբերին շրջակայ միջավայրի նախարարի կողմէ 25 հոկտեմբերին ստորագրուած ջրօգտագործման թոյլտւութեան դիմումը մերժուած է:
«Լիտիան Արմենիա» ընկերութիւնը դիմած էր ՀՀ վարչական դատարան՝ պահանջելով անվաւեր ճանչնալ 25 հոկտեմբերի որոշումը։
Ընկերութեան հայցադիմումը մակագրուած է ՀՀ վարչական դատարանի դատաւոր Լիանա Յակոբեանին։