image

Հայաստանի մէջ ձիւնաթափ կը սպասուի

Հայաստանի մէջ ձիւնաթափ կը սպասուի

Նոյեմբեր 2-ի լոյս 3-ի գիշերը Արարատեան դաշտի եւ անոր նախալեռնային գօտիին մէջ` օդին մէջ կը սպասուի՝ -1էն -3, հողի մակերեւոյթին՝ -4էն -5 աստիճան։

Հանրապետութեան տարածքին՝

Նոյեմբերի 2-ին հանրապետութեան ողջ տարածքին կը սպասուին տեղումներ, այն շրջաններուն մէջ, որոնք կը գտնուին ծովի մակերեւոյթէն 1700 մեթր եւ աւելի բարձրութեան վրայ՝ պիտի տեղայ առաջին ձիւնը։ Նոյեմբեր 3-6-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ:

Օդի ջերմաստիճանը նոյեմբեր 2-ի ցերեկը եւ 3-ի գիշերը կը նուազի 8-10 աստիճանով։

 

Երեւան քաղաքի մէջ՝

Նոյեմբերի 2-ին ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուի անձրեւ, 3-6-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: