ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան մօտ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 300-րդ յօդուածի 1-ին մասով յարուցուած քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են այն մասին, որ պաշտօնատար անձինք ՀՀ սահմանադրական դատարանի նախկին նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի կողմէ լիազօրութիւնները վար դնելու գործընթացին, խմբային շահերէ ելլելով, անձամբ, ինչպէս նաեւ պաշտօնատար անձ չհանդիսացող աշխատակիցներու միջոցով կատարած են պաշտօնէական կեղծիքներ:
ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 314-րդ յօդուածի 1-ին մասով նախատեսուած յանցաւոր արարք կատարելու կասկածանքով ձերբակալուած է ՀՀ ԱԺ աշխատակազմի ղեկավարի նախկին տեղակալ Ա. Պ.-ն:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: