image

Դեսպան նշանակուած Ալան Անդրանիկ Գոգբաշեանը պիտի չստանձնէ իր պաշտօնը

Դեսպան նշանակուած Ալան Անդրանիկ Գոգբաշեանը պիտի չստանձնէ իր պաշտօնը

Օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Մեծ Բրիտանիոյ նոր դեսպան նշանակուած հայազգի Ալան Անդրանիկ Գոգբաշեանը պիտի չստանձնէ դեսպանի պարտականութիւնները: Այդ մասին հաղորդած է Երեւանի մէջ Միացեալ թագաւորութեան դեսպանատունը:

Գոգբաշեանի  նշանակումը  առաջին դէպքն էր, որ հայ դիւանագէտը Հայաստանի մէջ դեսպան պիտի ըլլար: Սակայն, տարածուած հաղորդագրութեան համաձայն՝ ան պիտի անցնի դիւանագիտական ծառայութեան մէկ այլ աշխատանքի։ Գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար նշանակուած է պրն. Տեյվիտ Մորանը՝ դեսպանի աստիճանով, որ պիտի պաշտօնավարէ մինչեւ նոր դեսպանի նշանակումը: