image

Մարաղայի խրախուսումը կը բացայայտէ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան իրական մտադրութիւնը․ Արցախը՝ առանց բնիկ ժողովուրդի․ԱԳՆ մամուլի խօսնակ

Մարաղայի խրախուսումը կը բացայայտէ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան իրական մտադրութիւնը․ Արցախը՝ առանց բնիկ ժողովուրդի․ԱԳՆ մամուլի խօսնակ

Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման Մարաղայի տարբերակի խրախուսումը կը բացայայտէ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան իրական մտադրութիւնը՝ ժողովուրդները նախապատրաստել ոչ թէ խաղաղութեան, այլ ուրիշ ժողովուրդներու նկատմամբ բռնութեան իրականացման: Այս մասին 14 Հոկտեմբերին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղտալեանը՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան:

«Կը ցանկամ անդրադառնալ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան, որ ան ըրած է քանի մը օր առաջ, կը մէջբերեմ՝ «տարածքներու ազատագրումէն ետք անոնք կը վերակառուցուին, ինչպէս եղաւ ԼՂԻՄ-ի Շիխարխ բնակավայրի հետ»: Սա մէջբերում էր անոր ուղիղ խօսքէն: Շիխարխը Լեռնային Ղարաբաղի Մարաղա գիւղն է:  Ատրպէյճանի նախագահը կը յիշատակէ Լեռնային Ղարաբաղի երբեմնի ծաղկուն, ամբողջութեամբ հայկական, 5 հազար հայ բնակչութիւն ունեցող Մարաղա բնակավայրը, որու բնակչութիւնը 1992 թուականին ոչնչացուած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ, իսկ բնակավայրը մինչեւ այս պահը կը շարունակէ մնալ Ատրպէյճանի գրաւման տակ: Այժմ Ատրպէյճանի նախագահը ի լուր աշխարհի կը նշէ, որ այդ բնակավայրը վերակառուցուած է եւ բնակեցուած է ատրպէյճանցիներով: Յատկանշական է, որ Ատրպէյճանի նախագահի կողմէ այս յայտարարութիւնը կ'ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ատրպէյճանական մօտեցման ծիրէն ներս եւ կը ներկայացուի որպէս լուծման լաւագոյն տարբերակ եւ տեսլական»,- նշած է Նաղտալեանը:

Ան շեշտած է, որ իրականութեան մէջ այս տեսլականի ներկայացումը ի ցոյց կը դնէ, որ Ատրպէյճանի մօտեցումը այն է, որ ան կը ցանկայ Արցախը առանց իր բնիկ ժողովուրդի եւ բնակչութեան: «Խնդրի կարգաւորման Մարաղայի տարբերակի խրախուսումը կը բացայայտէ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան իրական մտադրութիւնը՝ ժողովուրդները նախապատրաստել ոչ թէ խաղաղութեան, այլ ուրիշ ժողովուրդներու նկատմամբ բռնութեան իրականացման: Սա աւելի կ'ընդգծէ Արցախի ժողովուրդի ֆիզիքական, գոյութենական  անվտանգութեան հարցի նկատմամբ մեր առաջնահերթութիւնը»,- ընդգծած է Աննա Նաղտալեանը:

Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հայ ժողովուրդը երբեւէ թոյլ չի տար Արցախի մէջ նոր վայրագութիւններու, ցեղասպան նոր գործողութիւններու:  «Անոնց դիմակայումը համահայկական խնդիր է, որ լաւագոյնս ձեւակերպուած է Ստեփանակերտի մէջ 5 Օգոստոսին Արցախի ժողովուրդի առջեւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու  ստանձնած յանձնառութեամբ: Սա յստակ արձանագրենք»,- եզրափակած է ՀՀ ԱԳՆ  մամուլի խօսնակը: