image
Հրատապ լուրեր:

Ս. Փեթերսպուրկ-Երեւան չուերթի ընթացքին արտակարգ դէպք. Օդանաւը վայրէջք կատարած է Թիֆլիսի մէջ

Ս. Փեթերսպուրկ-Երեւան չուերթի ընթացքին արտակարգ դէպք. Օդանաւը վայրէջք  կատարած է Թիֆլիսի մէջ

Ս. Փեթերսպուրկ-Երեւան չուերթը իրականացնող օդանաւը երէկ՝ 11 հոկտեմբերին, թեխնիքական պատճառներով վայրէջք կատարած է Թիֆլիսի օդակայանին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէն:

 «Կը տեղեկացնենք, որ 11.10.2019 թուականին Ս. Փեթերսպուրկ-Երեւան չուերթը, որ կ'իրականացնէր «Արմենիա» ընկերութիւնը՝ Boeing 737-700 EK 73 786 օդանաւով, թեխնիքական պատճառներով վայրէջք կատարած է Թիֆլիսի օդակայան: Համապատասխան սպասարկում անցնելէ ետք՝ օդանաւը բարեյաջող վերադարձած է Երեւան»,- ըսուած է քաղաքացիական օդագնացութեան հաղորդագրութեան մէջ: