image

Կառավարութեան նիստէն ետք դռնփակ ռեժիմով պիտի քննարկուի Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակի հնարաւոր զարգացումները

Կառավարութեան նիստէն ետք դռնփակ ռեժիմով պիտի քննարկուի Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակի հնարաւոր զարգացումները

Այսօր՝ ՀՀ կառավարութեան նիստի մեկնարկին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը անդրադարձած է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:

«Յարգելի գործընկերներ, ինչպէս տեղեակ էք, երէկ Թուրքիոյ զինուած ուժերը ներխուժած են Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն: ՀՀ ԱԳՆ-ը, ի հարկէ, արդէն հանդէս եկած է համապատասխան յայտարարութեամբ, եւ ես կ'ուզեմ եւս մէկ անգամ ընդգծել, որ ՀՀ-ը կը դատապարտէ ներխուժման այդ գործողութիւնը: Մենք մտահոգուած ենք իրավիճակով, որովհետեւ, մեր գնահատմամբ, այդ գործողութիւնը աւելի կը խորացնէ Սուրիոյ մէջ հաստատուած մարդասիրական ճգնաժամը: Մենք կոչ կ'ընենք միջազգային հանրութեան գործուն միջոցներ ձեռնարկել՝ այդ ապօրինի գործողութիւնը դադրեցնելու եւ Թուրքիոյ սահմանի երկայնքով Սուրիոյ քաղաքացիները, այդ շարքին՝ ազգային փոքրամասնութիւնները եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանելու ուղղութեամբ:

Այս առումով ես կ'ուզեմ ընդգծել. ինչպէս տեղեակ էք, ՀՀ-ը Սուրիոյ մէջ կ'իրականացնէ մարդասիրական առաքելութիւն, յաջողութեամբ կ'իրականացնէ այդ առաքելութիւնը, եւ մենք պիտի շարունակենք այդ առաքելութեան իրականացումը: Ես կը կարծեմ՝ իմաստ ունի, որ այսօր՝ կառավարութեան նիստի օրակարգի սպառումէն ետք, մենք դռնփակ ռեժիմով քննարկենք եւ միտքեր փոխանակենք Սուրիոյ հիւսիսը ստեղծուած իրավիճակի, հնարաւոր զարգացումներու եւ մեր դիրքորոշումներու վերաբերեալ»,- ըսած է վարչապետը: