image

Երեւանի մէջ յարձակում գործուած է մամլոյ «Հայելի» ակումբին վրայ

Երեւանի մէջ յարձակում գործուած  է  մամլոյ «Հայելի»  ակումբին վրայ

«Հայելի» մամլոյ ակումբը եւ Hayeli.am կայքի խմբագրութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած են, նշելով,  որ  5  հոկտեմբերին 4 անձեր՝ Դաւիթ Յովհաննիսեան, Սարգիս Մանուկեան, Արտակ Մարգարեան եւ Հայկ Ստեփանեան յարձակած են մամլոյ ակումբի եւ նոյն վայրին մէջ գործող Hayeli.am կայքի խմբագրութեան վրայ։

«Նշուած անձինք պաշարել են ակումբի մուտքը  եւ կատարել խուլիկանական արարք` ձուեր նետել եւ հանդէս եկել յայտարարութեամբ, որ կայքն ու ակումբը պէտք է փակել, քանի որ կայքի հրապակումներից մէկը իրենց սրտով չէ, իսկ գլխաւոր խմբագիր եւ ակումբի նախագահ Անժելա Թովմասեանը Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի քոյրն է»:

Կը նշուի նաեւ, որ «Հայելի» մամուլի ակումբը եւ Hayeli.am կայքի խմբագրութիւնը դիմած են իրաւապահ մարմիններունն՝ ոստիկանապետի պաշտօնակատար Արման Սարգսեանին, գլխավոր դատախազ Արթուր Դաւթեանին, յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրյանին՝ անյապաղ իրաւական գնահատական տալու կատարուած խուլիկանական արարքին,պատժել խուլիկանները եւ անոնց ետին թաքնուած պատուիրատուները։

Նշենք, որ դէպքը վրդովմունքի ալիք բարձրացուցած է Հայաստանի լրագրողական եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան հանդիսացող շրջանակներուն մօտ։