image
Հրատապ լուրեր:

Վանաձորի մէջ ծանր դէպք. Կայ 3 մեռեալ եւ 4 վիրաւոր

Վանաձորի մէջ  ծանր դէպք. Կայ   3 մեռեալ եւ 4   վիրաւոր

Վանաձորի  մէջ արտակարգ  դէպք  գրանցուած է։ Այս մասին  կը հաղորդէ  «Շամշյան»  կայքը։ Աղբիւրը  կը  յայտնէ, որ Վանաձորի բնակարաններէն  մէկուն մէջ  երկու տղամարդու դիակներ յայտնաբերուած են։

  Շրջանի   ոստիկանութիւնը  աւելի ուշ  պարզած է, որ   նոյն բնակարանին մէջ տեղի ունեցած դէպքին հետեւանքով  վիրաւորուած են   հինգ  անձեր, որոնցմէ  մին  մահացած է հիւանդանոց փոխադրուելու  ժամանակ։

 Դէպքին  մասին   յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեն տրուիր եւ   ոստիկանութիւնը քրէական   գործ  յարուցած է եղածին վերաբերեալ։

 Կը կատարուի հետաքննութիւն։