image

«Adventist Health Glendale» բժշկական կեդրոնի մասնագէտները աւարտած են իրենց առաքելութիւնը Արցախի մէջ

«Adventist Health Glendale» բժշկական կեդրոնի մասնագէտները աւարտած են իրենց առաքելութիւնը Արցախի մէջ

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը 3 հոկտեմբերին ընդունած է «Adventist Health Glendale» բժշկական կեդրոնի խումբ մը մասնագէտներ, որոնք 29 սեպտեմբերէն մինչեւ 3 հոկտեմբեր տեղի մասնագէտներու հետ իրականացուցած են քաղաքացիներու հետազօտութիւններ եւ վիրահատութիւններ:

Գրիգորի Մարտիրոսեանը բարձր գնահատած է «Adventist Health Glendale» կազմակերպութեան եւ առողջապահութեան նախարարութեան միջեւ փոխգործակցութեան բարձր մակարդակը՝ այդ ծիրէն ներս կարեւորելով բնակչութեան առողջութեան պահպանման ուղղուած հետեւողական աշխատանքը:

Նշենք, որ երկրորդ տարին ըլլալով, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին աջակցութեամբ, Արցախի բնակչութեան բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու եւ անոնց սպասարկելու մարդասիրական ծրագիրի ծիրին մէջ Ստեփանակերտի հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ խորհրդատուութիւններ եւ վիրահատութիւններ կատաած են Միացեալ Նահանգներու «Glendale Adventist Health» բժշկական կեդրոնի մասնագէտները:

Արցախ գտնուող 40է աւելի բժիշկները համաշխարհային մակարդակի որակ ունեցող բարձրակարգ մասնագէտներ են, որոնք վեցօրեայ այցելութեան ընթացքին կատարած են տարբեր տեսակի վիրաբուժական միջամտութիւններ եւ վիրահատութիւններ։

Ծրագիրի ծիրին մէջ մանկաբոյժ մասնագէտի կողմէ կատարուած է երեխաներու ընդունելութիւն եւ խորհրդատուութիւն: Նախքան բժիշկներու Արցախ հասնիլը, հանրապետական բժշկական կեդրոնին կողմէ վերջին 6 ամսուան ընթացքին կատարուած են բոլոր նախապատրաստական աշխատանքները: