image

Հասան Ռուհանին Երեւան ժամանեց. Իրանը ԵԱՏՄ ժողովներուն կը մասնակցի որպէս հրաւիրեալ կողմ

Հասան Ռուհանին Երեւան ժամանեց. Իրանը ԵԱՏՄ ժողովներուն կը մասնակցի որպէս հրաւիրեալ կողմ

1 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենան Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի հերթական նիստը, որուն կը մասնակցին ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու ղեկավարները: Պելառուսի, Ղազախստանի, Ղրղզստանի նախագահները աւելի վաղ ժամանած են Երեւան։

Քիչ առաջ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորած են Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանին, որ պիտի մասնակցի Բարձրագոյն Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին։

Այդ նիստին մասնակցելու համար Երեւան ժամանած է նաեւ Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոնը՝ որպէս դիտորդի կարգավիճակի մէջ գտնուող երկրի ղեկավար, ինչպէս նաեւ Սինկափուրի Հանրապետութեան վարչապետ Լի Սյէն Լուն՝ հրաւիրեալ երկիրներու ղեկավարներու կարգավիճակով: