ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրւէրով պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Սինկափուրի վարչապետ Լի Սյէն Լունն այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ 29 Սեպտեմբերին Սինկափուրի վարչապետը ծաղկեպսակ դրած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ ծաղիկներ խոնարհած անմար կրակի մօտ։
«Հայ ժողովուրդը մեծ կամքի ուժ եւ խիզախութիւն ցուցաբերած է 1915թ. ողբերգական իրադարձութիւններէն ետք։ Կը ցանկամ ձեզ յաւերժ վայելել խաղաղութիւն, անվտանգութիւն եւ ներդաշնակութիւն»,- գրած է վարչապետը։
Սինկափուրի վարչապետը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելած էր տիկնոջ հետ։ Անոնց ուղեկցած են ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը, Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը եւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աւետ Ադոնցը։