image
Հրատապ լուրեր:

Քուէյթի իշխանուհին ժամանած է Հայաստան

Քուէյթի իշխանուհին  ժամանած է Հայաստան

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հրաւէրով Հայաստան ժամանած է Քուէյթի շեյխուհի, Քուէյթի Իսլամական հնութիւններու թանգարանի (DAI) գլխաւոր տնօրէն, Ալ-Սապահ հաւաքածուի համասեփականատէր Հուսա Սապահ Ալ-Սալէմ Ալ-Սապահը: 

 

 

Ճանաչողական այցի ծիրէն ներս շեյխուհի Հուսա Սապահ Ալ-Սալէմ Ալ-Սապահն այցելած է  շարք մը տեսարժան վայրեր եւ մշակութային հաստատութիւններ, որոնց շարքին՝ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական հիմնարկ՝ Մատենադարան: Նախատեսուած է այց՝ Գաֆեսճեան արուեստի կեդրոն, Հայաստանի ազգային պատկերասրահ եւ պատմութեան թանգարան: Հիւրը պիտի ծանօթանայ մեր ժողովուրդի պատմամշակութային ժառանգութեան։ Պիտի քննարկուի նաեւ հանրայայտ Ալ-Սապահ հաւաքածուի նմուշները Երեւանի մէջ ցուցադրելու հնարաւորութիւնը։

Ալ-Սապահ հաւաքածուն կը ներառէ արուեստի արժէքաւոր նմուշներ, այդ շարքին՝ եզակի ձեռագրեր, գորգեր, թանկարժէք զարդեր, սերամիքական եւ մետաղական, փայտէ ու ապակիէ պատրաստուած աշխատանքներ: Հաւաքածուի աւելի քան 30 հազար նմուշները կը ներկայացնեն տարբեր երկիրներու մշակոյթն ու արուեստը եւ աշխարհագրական ու ժամանակագրական տարբեր շրջաններու կը պատկանին։

Շեյխուհի Հուսա Սապահ Ալ-Սալէմ Ալ-Սապահը Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի համալսարաններուն ու մշակութային հիմնարկներուն մէջ պարբերաբար հանդէս կու գայ դասախօսութիւններով՝ նուիրուած իսլամական մշակոյթին եւ արուեստին: Ան աշխոյժօրէն ներգրաւուած է ճարտարապետական կոթողներու պահպանութեան գործին, մասնաւորապէս, աշխատանքներ կ'իրականացնէ Պահրէյնի, Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի պատմական շինութիւնները պահպանելու եւ վերականգնելու ուղղութեամբ: