image

Գիւմրի. Յայտնի է թէ ինչէն մահացած է ռուս զինուորը

Գիւմրի. Յայտնի է թէ ինչէն մահացած է ռուս զինուորը

Ռուսական մամուլին յայտնի դարձած է, որ նախօրէին Գիւմրիի մէջ ռուս պայմանագրային զինծառայող Ալեքսանտր Նիկոլայի Պապուշկինի մահուան պատճառը եղած է փայծաղի պատռուածքը։ Այդ վնասուածքը զինծառայողը ստացած է օրեր առաջ տեղի ունեցած ճանապարհափոխադրային պատահարի ժամանակ:

Պատահարի մասին յայտնի էր մինչ այս։ Զինծառայողը վթարի ենթարկուած էր իր ինքնաթիռով (մոթոսայքլով)՝ ինկած էր անոր վրայէն։ Վթարէն ետք ան չէր դիմած բուժօգնութեան։ Սակայն ինչպէս պարզուած է դիահերձման ժամանակ՝ անոր վնասուածքները լուրջ եղած են։ Փայծաղի պատռուածքի պատճառով անոր մօտ սկսած է ներքին արիւնահոսութիւն, ինչի պատճառով ալ ան մահացած է։

«ՀՀ քննչական կոմիտէի Շիրակի մարզային քննչական վարչութիւնը նիւթեր կը նախապատրաստէ ռուսական 102-րդ ռազմակայանի 23-ամեայ զինծառայողի մահուան հանգամանքները պարզելու համար», – ՀՀ քննչական կոմիտէէն յայտնած են SHANTNEWS.am-ին։

Նշենք, որ 23-ամեայ զինծառայողը վատ ինքնազգացողութեան պատճառով աշխատանքէն շուտ տուն եկած էր: Որմէ ետք ալ տան մէջ յանկարծամահ եղած: