image
Հրատապ լուրեր:

«Սանիթեք»ի աշխատակիցները բողոքի հաւաք կայացուցին. Անոնք կը պահանջեն իրենց ամսավճարները

«Սանիթեք»ի  աշխատակիցները   բողոքի հաւաք  կայացուցին. Անոնք կը պահանջեն իրենց ամսավճարները

 Այսօր Երեւանի քաղաքապետարանի դիմաց  տեղի   ունեցած է   «Սանիթեք» ընկերութեան աշխատակիցներեշու բողոքի հաւաքը: Ցոյցի մասնակիցներու խօսքով՝ քաղաքապետարանը հրաժարած է ընդունիլ օգոստոս ամսուայ    ընդհանուր հաշուետւութիւնը։ 

Այդ    պատճառով ալ  «Սանիթեք»-ի աշխատակիցները չեն ստացած ամսավճար, թէեւ իրենց խօսքով, «լաւ, թէ վատ, բայց աշխատած են»: «Սանիթեք»-ի ղեկավարութիւնը իր աշխատակիցներուն նաեւ չէ տեղեկացուցած իր յետագայ քայլերուն  մասին: Բողոքողներուն խօսքով, իրենք աշխատած են օգոստոս ամսուան ընթացքին, բայց տեղեկացուած չեն եղած, որ ընկերութիւնը  պիտի փակուի։