image
Հրատապ լուրեր:

Քիմ Քարտաշեանը Հայաստան պիտի այցելէ. Ան պիտի մասնակցի համաշխարհային համաժողովին

Քիմ Քարտաշեանը Հայաստան պիտի  այցելէ.  Ան  պիտի մասնակցի համաշխարհային համաժողովին

Տեղեկատուական   ոլորտի  աշխարհի ամենահեղինակաւոր միջոցառումներէն մէկը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ՝ 6-9 հոկտեմբերին։  WCIT 2019 համաժողովի կազմակերպիչները պաշտօնապէս հաստատած են՝ ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան-ուեսթի մասնակցութիւնը այդ  համաժողովին՝ որպէս յատուկ հիմնական զեկուցող։

Քիմ Քարտաշեան-Ուէսթը հանդէս պիտի գայ «Գաղափարներու շուկայ» լիագումար նիստին, ուր պիտի քննարկուի, թէ ապակեդրոնացուած  արհեստավարժութիւնը  որքանով նպաստած են ժամանցի, մետիայի եւ լրագրութեան աշխարհներու ժողովրդայնացման եւ որքանով յեղափոխած են արուեստի, տեղեկատւութեան տարածման մեթոտները՝ նոր աստղեր պատրաստելու ճանապարհին: «Գաղափարներու շուկայ» նիստի քննարկումները պիտի պարզեն, թէ ինչ կը նշանակեն այս զարգացումները անձնական կեանքի գաղտնիութեան, ընկերային յարաբերութիւններու, հիմնարկներու նկատմամբ վստահութեան եւ նոր պիզնես մոտելներու համար:

Աւելի քան 240 միլիոն հետեւորդներով՝ Քիմ Քարտաշեան-Ուէսթը ընկերային ցանցերու վրայ ամենամեծ լսարանը ունեցող մարդոցմէ է։  Համաժողովի կազմակերպիչները վստահ են, որ ան մեր ժամանակաշրջանի ամենաազդեցիկ ձայներէն մէկն է եւ համոզուած են, որ Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթը, որպէս արտասովոր յաջողակ գործարար, որպէս այս ոլորտի առաջամարտիկ, որպէս կին եւ մայր, կարեւոր ու հետաքրքիր ըսելիք կ'ունենայ ընկերային մետիայի մէջ ձեռներեցութեան աշխարհի մասին, որու ստեղծման եւ ձեւաւորման նպաստած է արդէն երկու տասնամեակ: 

Քիմ Քարտաշեան-Ուէսթը իր հարթակը աշխոյժօրէն կ'օգտագործէր քրէական արդարադատութեան բարեփոխումներու համար պայքարին, իսկ մայիսին յայտարարեց, որ սկսած է իրաւաբանութիւն ուսանիլ Քալիֆորնիոյ մէջ։ Այս սեպտեմբերին ան պիտի ներկայացնէ իր սպասուած SKIMS հագուստի նորաձեւութեան հաւաքածուն, ի լրումն KKW BEAUTY եւ KKW Fregrance հաւաքածուներու, որոնք թողարկուած են 2017 թուականին։

Այս տարուան համաշխարհային համաժողովի թեման է՝ «Ապակեդրոնացման ուժը. ակնկալիք եւ վտանգ»։