image

Երեւանի մէջ Ամուլսարի համար բողոքի երթ

Երեւանի մէջ Ամուլսարի  համար  բողոքի երթ

«Ամուլսարն առանց հանքի» նախաձեռնութեան անդամները Երեւանի կեդրոնին մէջ երէկ քայլերթ սկսած են ՝ ի պաշտպանութիւն Ամուլսարի։ 

Քայլերթը մեկնարկած է Ազատութեան հրապարակէն, անցած՝ Մաշտոց, Ամիրեան, Տիգրան Մեծ, Խանճեան, Սայաթ Նովա փողոցներով եւ աւարտած Ազատութեան հրապարակի մէջ։ 

Կազմակերպիչները հաղորդագրութիւն տարածած են, ըստ որու՝ քայլերթի նպատակն է՝


-Զօրակցութիւն Ջերմուկի մեր պայքարող հայերնակիցներուն,

-Մեր յստակ դիրքորոշման արտայայտումը թէ՛ ներքին իշխանութիւններուն, թէ՛ արտաքին ուժերուն,

-Մեր միասնականութեան եւ հաւաքականութեան ցուցադրումը Ամուլսարի պաշտպանութեան հարցի վերաբերեալ:

Տարածուած յայտարարութեան մէջ ըսուած է նաեւ, որ կ'ակնկալեն բոլոր մտահոգ քաղաքացիներու ներկայութիւնը Ամուլսարի համար այս վճռորոշ օրերուն։