Մեծ հրդեհ մը ծագած է Երեւանի Սեբաստիա փողոցին վրայ։
Այս մասին լուրը հաղորդեց ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը (ԱԻՆ) նշելով, որ հրդեհը ծագած է «Մալաթիա Մոլ»ի շէնքին մէջ։ Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ փրկարարական ջոկատներ։
Հրդեհի հետեւանքներուն մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր։
Տակաւին կ՚անդրադառնանք։
«Արեւելք»ի հրապարակած լուսանկարը ՝ համացանցէն։