image

Արցախի մէջ մեկնարկած է բանակի ուսումնական տարուան երկրորդ կիսամեակը:

Արցախի մէջ  մեկնարկած է  բանակի  ուսումնական  տարուան  երկրորդ կիսամեակը:

19 Օգոստոսին, պաշտպանութեան բանակին մէջ հանդիսաւոր ձեւով  ընթացք  առած է  2019-ի  բանակային ուսումնական տարուայ երկրորդ կիսամեակը: Այս  առթիւ  Պաշտպանութեան  կեդրոնական  զօրամասերէն մէկուն մէջ , ի ներկայութիւն  զինծառայողներու  եւ  բարձրաստիճան   պաշտօնեաներու,   ներկայ  եղած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, Պաշտպանութեան Բանակի հրամանատար, գեներալ-մայոր Կարէն Աբրահամեանը:

Բանակի հրամանատարը շնորհաւորած է անձնակազմը, ուսումնական շրջանի սկիզբին  առթիւ  ,  կարեւորելով նոր գիտելիքներու եւ հմտութիւններու ձեռքբերումը հայրենիքի  պաշտպանի առաքելութիւնը պատուով կատարելու եւ տարածաշրջանային ու աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրները  դիմագրաւելու գործին համար:

Նոր ուսումնական տարուան  սկիզբի կապակցութեամբ պաշտպանութեան բանակի  բոլոր զօրամասերուն եւ ստորաբաժանումներուն մէջ կազմակերպուած են հանդիսաւոր հանդիպումներ, որոնց մասնակցութիւն բերած են  բանակի հրամանատարական կազմն ու   բարձրաստիճան սպաները: