13 օգոստոսին, հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցէն հրազէնային վիրաւորում ստացած է Գեղարքունիքի մարզի զինծառայող։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը։
Ըստ Shamshyan.com-ի, ժամը 23։50-ի շուրջ, Ճամբարակի բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է 37-ամեայ Արտակ Օ.-ն։ Աղբիւրը նշած է թէ վերջինս, մարտական հերթապահութիւն կ'իրականացնէ, երբ հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցէն ստացած է «որովայնի վերջին յարկի միջանցիկ գնդակային վիրաւորում»:
Հայաստանի քննչական կոմիտեի 5-րդ կայազորային քննչական բաժնի մէջ յարուցուած է քրէական գործ։ Աղբիւրը տեղեկացուցած է թէ Արտակ Օ.-ն պայմանագրային զինծառայող է։