image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանը ռազմավարական դիրք ունեցող երկիր. Բրիտանական պարբերականին անդրադարձը

Հայաստանը ռազմավարական դիրք ունեցող երկիր. Բրիտանական պարբերականին անդրադարձը

Պատմական գեղեցկութիւն եւ կարեւորութիւն, հնագոյն մշակոյթ ունեցող Հայաստանը մեր օրերու համաշխարհային քարտէզին վրայ կը զբաղցնէ  ռազմավարական դիրք։

«Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին կը գրէ բրիտանական յայտնի «Kensington, Chelsea & Westminster Today» ամսագիրը, որուն օգոստոսեան համարը լոյս տեսած է հայոց թռչնատառ այբուբենի նկարը պատկերող շապիկով։ Ամսագիրը ստուարածաւալ յօդուածներ նուիրած է Հայաստանին՝ անդրադառնալով մեր երկրի պատմութեան, հաւատքին, զբօսաշրջութեան ու մշակոյթին։

 

 

Յօդուածներուն հեղինակները այս տարուան Յունիսին այցելած էին Հայաստան՝ մասնակցելու առաջին անգամ մեր երկրին մէջ կազմակերպուած «Մտքերու հայկական գագաթնաժողով»-ին, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի բարձր հովանիի ներքոյ։

«Ծառայել Հայաստանին, կը նշանակէ ծառայել մեր քաղաքակրթութեան». 1895 թուականին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայերու դէմ իրականացուող բռնութիւններուն դէմ հանդէս եկած Բրիտանիոյ վարչապետ Ուիլիըմ Կլատսթընի այս խօսքերով ալ հեղինակները սկսած են Հայաստանին նուիրուած յօդուածաշարը՝ նշելով, որ մէջբերուած խօսքերը այսօր ալ կը շարունակեն մեծ իմաստ ունենալ, քանի որ Հայաստանը կը շարունակէ իր նշանակալի նպաստը բերել տարբեր ոլորտներու մէջ, ինչպէս՝ համաշխարհային գիտութիւնը, դասական երաժշտութիւնը, ճատրակը եւ այլն։ «Հայ ժողովուրդը յայտնի է իր տեսակով, որ միշտ գրկաբաց կ՝ընդունի այցելուներն ու հարեւանները»,- կը նշեն հեղինակները։

 

 

Անդրադառնալով հայոց պատմութեան` KCW Today-ը կը նշէ, որ Հայաստանը առաջինն էր, որ 301 թուականին ընդունեց քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն։ «Ունենալով նման հարուստ կրօնական եւ մշակութային պատմութիւն՝ պատահական չէ, որ ողջ աշխարհի հայերը այսօր ալ կը շարունակեն քրիստոնէական աւանդոյթներն ու ամուր կը պահեն իրենց հաւատը»,- կը նշէ ամսագիրը։

Հեղինակները յատուկ անդրադարձ կատարած են Հայոց Ցեղասպանութեան՝ նշելով, որ 1915-1922 թուականներուն շուրջ 1,5 միլիոն հայեր Օսմանեան Կայսրութեան մէջ կոտորածի ենթարկուեցան իշխանութիւններուն կողմէ։ «Այդուհանդերձ՝ քաղաքական ճնշումներու պատճառով՝ այս սարսափելի ոճրագործութիւնը երբեք արդարացի ճանաչում չէ գտած միջազգային հանրութեան կողմէն։ Թրքական կառավարութիւնը մշտապէս հրաժարած է պատասխանատւութիւն ստանձնելէ կատարուածին համար, Միացեալ Նահանգները եւ Միացեալ Թագաւորութիւնը եւս դեռ պաշտօնապէս չեն ընդունած կատարուածը՝ վախնալով դիւանագիտական խնդիր ունենալ Թուրքիոյ հետ»,- կը նշեն հեղինակները՝ պատմելով նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի եւ այն կարեւոր դերին մասին, որ կը  կատարէ կառոյցը ցեղասպանութեան մասին իրազեկման մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ։

 

 

«Դիմանալով ժամանակի փորձութեան՝ Հայաստանը այսօր կը ծաղկի նոր թափ հաւաքող զբօսաշրջութեամբ եւ ծառայութիւններու ոլորտով։ Ամէն տարի միլիոնաւոր մարդիկ կ՝այցելեն Հայաստան, որ յայտնի է իր գեղեցիկ բնապատկերներով եւ դաշտերով»,- կը շարունակեն հեղինակները՝ պատմելով մեր երկրի գեղատեսիլ վայրերուն մասին։ Անոնք յատկապէս ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այն փաստին վրայ, որ Հայաստանը յայտնի է իբրեւ ձմեռնային մարզաձեւերու սիրահարներու վայր։ Հեղինակները կը նշեն, որ մեր երկրին մէջ այցելուներուն կը սպասեն իւրայատուկ հայկական ուտեստները, ինչպէս՝ խորովածն ու տոլման։

KCW Today-ի օգոստոսեան համարին մէջ յատուկ անդրադարձ եղած է Մատենադարանին՝ սկսած հայոց ձեռագրերու ստեղծման պատմութենէն մինչեւ հնագոյն ձեռագրերու ստեղծումն ու մեր օրերուն անոնց պահպանումը։ Հեղինակները կը նշեն, որ հնագոյն ձեռագրերու ուսումնարանը ոչ միայն հայկական ձեռագրերու ամենամեծ հաւաքածուն ունի, այլեւ այնտեղ կը պահպանուին օտարալեզու հնագոյն ձեռագրեր եւս, ինչպէս նաեւ արժէքաւոր շատ նիւթեր, որոնց բնօրինակները, ցաւօք, շատոնց ոչնչացուած են, եւ այսօր կը պահպանուին միայն անոնց հայերէն թարգմանութիւնները։