image
Հրատապ լուրեր:

Յառաջիկայ օրերուն Հայաստանի մէջ դարձեալ +40 աստիճան կը գրանցուի

Յառաջիկայ օրերուն Հայաստանի մէջ դարձեալ +40 աստիճան կը գրանցուի

Գագիկ Սուրէնեանը կը յայտնէ, թէ տաք օդային հոսանքներ պիտի թափանցեն Հայաստան։

31 Յուլիսէն Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ օդի ջերմաստիճանը պիտի բարձրանայ 4-5 աստիճանով։ Facebook-ի իր էջին այս մասին գրած է ՀՀ ԱԻՆ «Հիտրոմետ» ծառայութեան Օդերեւութաբանութեան կեդրոնի պետ Գագիկ Սուրէնեանը։

Ըստ անոր` ջերմաստիճանի բարձրացումը պայմանաւորուած է 31 յուլիսին եւ 1 օգոստոսին արեւադարձային տաք օդային հոսանքներու ներթափանցմամբ։

 

«Երեւանի, Արարատեան դաշտի եւ Սիւնիքի հովտային գօտիին մէջ ցերեկը կը սպասուի +39–էն +40 աստիճան տաքութիւն։ Օգոստոս 2-3-ին օդի ջերմաստիճանը կրկին պիտի նուազի 4-5 աստիճանով»,– կը յայտնէ Սուրէնեանը։