image
Հրատապ լուրեր:

ՀՀ Ազգային Ժողովի այգիին մէջ Ճատրակի փառատօն (Լուսանկարներ)

ՀՀ Ազգային Ժողովի այգիին մէջ Ճատրակի փառատօն (Լուսանկարներ)

20 Յուլիսին ՀՀ Ազգային ժողովի այգիին մէջ  կազմակերպուած է «Շախմատային ծիծեռնակներ» փառատօնը՝ նուիրուած Շախմատի միջազգային օրուան, կը տեղեկացնէ Ազգային ժողովի մամուլի ծառայութիւնը:


Խորհրդարանէն ներս կազմակերպուած միջոցառման  մասնակցած են ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ, աւելի քան 120 ճատրակասէր երեխաներ ու պատանիներ Հայաստանի տարբեր մարզերէն  ու Սփիւռքէն:

Ճատրակի փառատօնին ներկայ եղած եւ խաղերու ընթացքին հետեւած է Սքանտինաւեան երկիրներու ճատրակի ֆետերացիայի նախագահ Վիպեքէ Էքելանտ Պրոննը:

Ողջունելով մասնակիցները՝ ՀՀ ԱԺ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ սփորթի հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Մխիթար Հայրապետեանը կարեւորած է  Ճատրակի միջազգային օրուան շրջանակէն ներս Ազգային ժողովի կողմէ կազմակերպուած միջոցառումը՝ նշելով, որ այն նպատակ ունի նպաստելու Հայաստանի մէջ  ճատրակի առաւել տարածմանն ու զարգացման:


Խորհրդարանի այգիին մէջ մի քանի ժամ շարունակ  ընթացած է մրցապայքար, որու արդիւնքով առաջին երեք տեղերը համապատասխանաբար  զբաղեցուցած են պատանի ճատրակիստներ Ռոպերթ Փիլիպոսեանը՝ առաջին տեղ, Ռոպերթ Մուրատեանը՝ երկրորդ տեղը, իսկ երրորդ տեղը զբաղցուցած է Բենիկ Ագասարովը:

Մրցաշարի յաղթողները շնորհաւորած եւ մրցանակներ, պատուոգրեր ու շնորհակալագրեր յանձնած է ՀՀ ԱԺ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ սփորթի հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Մխիթար Հայրապետեանը: