image

Արագիլներու անկում Հովտաշէն համայնքին մէջ. Կը կատարուի քննութիւն (Լուսանկարներ)

Արագիլներու անկում Հովտաշէն  համայնքին մէջ. Կը  կատարուի քննութիւն (Լուսանկարներ)

Արարատի մարզի Հովտաշէն համայնքին մէջ արագիլներու անկման կապակցութեամբ Բնապահպանութեան եւ ընդերքի տեսչական մարմինը կը տեղեկացնէ, որ Տեսչական մարմնի աշխատանքներու արդիւնքով, դեռ օրեր առաջ իւղոտած փետուրներով 1 արագիլ տեղափոխուած է ԳԱԱ Կենդանաբանութեան ջրաէքոլոկիայի գիտական կեդրոն ՊՈԱԿ՝ պարզելու համար ինչ նիւթերով աղտոտած են թռչունները: 


Այս պահին կ'իրականացուին Հրազդան գետի եւ Արարատի մարզի Հովտաշէն համայնքին յարող ցամաքուրդային ջուրերու նմուշներ առնելու աշխատանքներ ջուրերու աղտոտուածութիւնը պարզելու նպատակով: 

Ուսումնասիրութիւններ կ'իրականացուին նաեւ տարածքին մէջ գործող տնտեսավարող կառոյցներէն արտահոսող կեղտաջուրերու մասով: 

Արդիւնքներու մասին պիտի տրուի լրացուցիչ տեղեկատւութիւն: