image

Այս շաբաթ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 2000 կրակոց

Այս շաբաթ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 2000 կրակոց

Յունիս 16-էն 22-ը ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 190 անգամ, որու ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 2000 կրակոց:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն հետեւիլ հրադադարի ռեժիմին եւ անհրաժեշտ քայլեր կը ձեռնարկեն մարտական դիրքերու պահպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար: