image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը Ուաշինկթընի մէջ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը Ուաշինկթընի մէջ

Ուաշինկթընի մէջ երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:

Մինսքի խմբակը հանդիպումէն ետք տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ միջնորդները կողմերուն կոչ ուղղած են վերականգնելու խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտը:

«Ցաւով նկատելով, որ վերջերս զոհեր եղած են, համանախագահները կոչ ուղղած են կողմերուն անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու խաղաղութեան նպաստող եւ առարկայական բանակցութիւններ ունենալու մթնոլորտը վերականգնելու ուղղութեամբ: Կողմերուն կոչ ուղղուած է վերահաստատելու իրենց յանձնառութիւնը` խստօրէն պահպանելու զինադադարը եւ զերծ մնալու որեւէ սադրիչ գործողութենէ` այդ կարգին  արձակազէններէ եւ շփման գիծին ու միջազգային սահմանին տարուող ճարտարապետական աշխատանքներէ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: