image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի փապերէն մէկուն մէջ միջադէպ. Կան վիրաւորներ (Տեսանիւթ)

Երեւանի փապերէն մէկուն մէջ միջադէպ. Կան  վիրաւորներ  (Տեսանիւթ)

15 Յունիսին, ժամը 1-ին ոստիկանութեան պարեկապահակէտային ծառայութեան գունդի աշխատակիցները ծառայութիւն իրականացնեու ժամանակ Կողբացի փողոցի փապերէն մէկուն մէջ լսած են վիճաբանութեան ձայներ:

Մտնելով փապ ոստիկանները նկատած են յատակին ինկած երիտասարդ մը, որուն շտապօգնութեան մեքենայով ճանապարհած են հիւանդանոց:

Համապատասխան միջոցառումներու շնորհիւ ոստիկանները պարզած են, որ տեղի ունեցած է վիճաբանութիւն եւ դանակահարութիւն:

Դէպքի վայրէն երկու քաղաքացի հրաւիրուած է ոստիկանութիւն, իսկ միւսները մարմնական վնասուածքներ պատճառելու կասկածանքով բերման ենթարկուած են։

Ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժնէն ներս յարուցուած է քրէական գործ՝ քրէական օրէնսգիրքի 258-րդ յօդուածի 4-րդ մասի եւ 112-րդ յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով:

Մէկ հոգի ձերբակալուած է:

Քննութիւնը կը շարունակուի: