ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը 15 յունիսին, այցելած է ՀՀ ԶՈւ-երու մարտական յենակէտերէն մէկը։ Մարտական դիրքին նախարար Դ. Տօնոյեանը անձամբ հետեւած է իրավիճակին, հակառակորդի ստորաբաժանումներուն, մեր զինծառայողներու կատարած ճարտարապետական աշխատանքներուն եւ այլն։
Այցի աւարտին Դաւիթ Տօնոյեանը հրամանատարութեան տուած է համապատասխան յանձնարարականներ։