image

Արցախի Խաչէն գետին մէջ խեղդամահ եղած է 16-ամեայ պատանի մը

Արցախի Խաչէն գետին մէջ խեղդամահ եղած է 16-ամեայ պատանի մը

10 Յունիսին՝ ժամը 13:49-ին, Մարտակերտի շրջանային Արտակարգ իրավիճակներու բաժնինը տեղեկութիւն ստացուած է, որ շրջանի Նոր Մարաղա համայնքի տարածքին՝ Խաչէն գետին մէջ լողալու ժամանակ, ջրահեղձ եղած է Մարտակերտ քաղաքի բնակիչ,  2003 -ին ծնունդ Հրանդ Առաքելեանը:

Այս մասին կը յայտնեն Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն:

Ահազանգով դէպքի վայր մեկնած Մարտակերտի ՀՓՄ-ի հրշէջ փրկարարները որոնողական աշխատանքներու արդիւնքով յայտնաբերած են Հրանդ Առաքելեանի դին եւ տեղափոխած «Մարտակերտի շրջանային բուժմիաւորում»:

Պատահարի մանրամասները կը ճշդուին: