image

Քոչարեանի հարցով Արցախի ներկայ եւ նախկին նախագահները դատարան պիտի ներկայանան վաղը

Քոչարեանի հարցով  Արցախի ներկայ եւ նախկին  նախագահները դատարան  պիտի ներկայանան վաղը

Արցախի ներկայ եւ նախկին նախագահները՝ Բակօ Սահակեանը եւ Արկադի Ղուկասեանը, ամենայն հաւանականութեամբ, դատարան պիտի ներկայանան վաղը ուշ երեկոյեան` երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոց կալանաւորումը փոխելու վերաբերեալ իրենց երաշխաւորագիրը ներկայացնելու համար:

15 Մայիսին, դատավարութեան ընթացքին Քոչարեանի պաշտպան Յովհաննէս Խուդոյեանը դատարանէն խնդրած է, որ երաշխաւորները ներկայանան ուրբաթ՝ 17 Մայիսին, օրուայ երկրորդ կէսին, իսկ եթէ ոչ, թոյլ տալ անոնց հետ կապ հաստատել հեռակապի միջոցով:

Նախագահող դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանը բացառած է հեռակապի հնարաւորութիւնը, քանի որ երաշխաւորներուն իրենց իրաւունքներն ու պարտականութիւնները պարզաբանելէ բացի անհրաժեշտ է նաեւ անոնց ստորագրութիւնը։

«Երաշխաւորը պէտք է նախազգուշացուի նաեւ նախատեսուող քրէական պատասխանատւութեան մասին», - յայտարարած է դատաւորը:

17 Մայիսը ընդունելի ժամկէտ չէր դատարանի համար, քանի որ կալանքի ժամկէտը կը լրանայ 19 Մայիսին՝ Կիրակի, նախորդող օրը եւս հանգստեան է, իսկ դատարանը մէկ օրուայ ընթացքին չի հասցներ երթալ խորհրդակացական սենեակ եւ դատական գործ կազմել։

«Շաբաթ եւ կիրակի օրերին դատական նիստի կազմակերպումը քիչ հաւանական է, բայց չեմ բացառում», - ըսած է դատաւորը:

Քննարկման միջամտած է մեղադրեալ Քոչարեանը՝ պարզաբանելով, որ այս օրերուն Արցախի մէջ պատուիրակութիւն կայ եւ այդ է, որ կը դժուարացնէ գործող նախագահի ֆիզիքական ներկայութիւնը:

Դատաւորը արդարացած է. - «Ես ոչ թէ չափազանցնում եմ կամ փորձում եմ ինչ-որ կերպ խնդրի լուծումը չգտնել կամ պայմաններ ստեղծել, որ այդ լուծումը չլինի, դրա մասին խօսք լինել չի կարող»:

Դատարանը 5 վայրկեան ընդմիջում յայտարարած է՝ ճշդելու համար, արդեօ՞ք հնարաւոր է շաբաթ-կիրակի ապահովել Քոչարեանի ներկայութիւնը դատարան:

Կողմերը եկած են համաձայնութեան, որ երաշխաւորները դատարան կը ներկայանան 16 Մայիսին աշխատանքային ժամի աւարտէն ետք: