image

«Լոխ լաւ ա» հիմնը պիտի հնչէ CONIFA-ի՝ Արցախի մէջ կայանալիք ֆութպոլի առաջնութեան բացման (Տեսանիւթ)

«Լոխ լաւ ա» հիմնը պիտի հնչէ CONIFA-ի՝ Արցախի մէջ կայանալիք  ֆութպոլի առաջնութեան բացման  (Տեսանիւթ)

Չճանչցուած երկիրներու ֆութպոլի Եւրոպայի առաջնութիւնը այս տարի պիտի կայանայ Արցախի մէջ: 1-9 Յունիսին նախատեսուած առաջնութեան պիտի մասնակցին շարք մը չճանչցուած երկիրներ, ինչպիսիք են Աբխազիան, Նիսի կոմսութիւնը, Չամերիան, Սեքեյան երկիրը, Արեւմտեան Հայաստանը, Հարաւային Օսեթիան եւ այլն: Առաջնութիւնը պիտի իրականացուի Չճանչցուած պետութիւններու ֆութպոլի ֆետերացիայի (CONIFA)-ի հովանիի ներքոյ եւ պիտի հովանաւորուի Արցախի կառավարութեան եւ շարք մը այլ կազմակերպութիւններու կողմէ: Conifa Europe-ի ներկայացուցիչները դեռ անցեալ տարի Ստեփանակերտի մէջ հանդիպած  էին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ եւ քննարկած մրցաշարի իրականացման հնարաւորութիւնները:

«Արեւելք»ը ֆետերացիայէն տեղեկացաւ, որ այս տարուան առաջնութեան հիմնը արդէն պատրաստ է եւ կը կրէ «Լոխ լաւ ա» խորագիրը: