image

Հայաստանի շարք մը քաղաքներուն մէջ ձիւն կը տեղայ

Հայաստանի  շարք մը քաղաքներուն մէջ ձիւն կը տեղայ

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 20 ապրիլին, ժամը 00:00-ի դրութեամբ ՀՀ տարածքին փոխադրամիջոցներու ճանապարհները անցանելի են:

Դժուարանցանելի է Սոթք-Քարվաճառ ճանապարհը:

Գեղարքունիքի մարզի, Վարդենեաց լեռնանցքի, Վայոց ձորի մարզի Ջերմուկ քաղաքի, Սարաւան-«Զանգեր» հատուածի, Կոտայքի մարզի Հրազդան, Տաւուշի մարզի Դիլիջան, Սիւնիքի մարզի Սիսիան, Գորիս քաղաքներու եւ «Մեղրիի սար» կոչուող հատուածի, Արագածոտնի մարզի Ապարանի եւ Արագածի տարածաշրջաններուն մէջ առկայ են տեղումներ ձիւնի տեսքով:

Սիւնիքի մարզի Քաջարան քաղաքի, Կարմրաքար գիւղի եւ «Մեղրիի սար» կոչուող հատուածուին մէջ առկայ է մառախուղ:

Վրաստանի տարածաշրջանային զարգացման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան ճանապարհային բաժանմունքէն ստացուած տեղեկութեան համաձայն՝ Ստեփանծմինդա-Լարս ճանապարհը բաց է բոլոր տեսակի մեքենաներու համար: