image
Հրատապ լուրեր:

Նախարար Տօնոյեան հիւսիսարեւելեան սահման այցելեց

Նախարար Տօնոյեան հիւսիսարեւելեան սահման այցելեց

13 Ապրիլին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը աշխատանքային այցով եղած է հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան սահմանագօտի։

Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը շրջած է մարտական յենակէտերով, եղած է այն դիրքերը, ուրկէ կը դիտարկուի Արծուաշէնը։

Դաւիթ Տօնոյեանին զեկուցուած է սահմանագօտիի իրավիճակի, մարտական հերթապահութեան կրման պայմաններու, առաջնագիծին իրականացուած ճարտարապետական եւ ամրաշինական աշխատանքներու մասին։ Պաշտպանութեան նախարարը զրուցած է դիրքապահ զինծառայողներու հետ, խրախուսած մարտական հերթապահութեան ընթացքին գերազանց ծառայութեամբ աչքի ինկած զինծառայողները եւ մաղթած խաղաղ ուանվտանգ ծառայութիւն:

Աշխատանքային այցի շրջածիրէն ներս Դաւիթ Տօնոյեանը հանդիպած է նաեւ Գեղարքունիքի մարզի սահմանամերձ Վահան գիւղի բնակիչներուն հետ, քննարկած համայնքներու զարգացմանը վերաբերող հարցեր: Վահան գիւղին մէջ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը ծաղիկներ խոնարհած է հայրենիքը պաշտպանելու ընթացքին զոհուած հայորդիներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին մէջ։

Հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ պաշտպանութեան նախարարը խորհրդակցութիւն իրականացուցած է զինուած ուժերու բարձրաստիճան սպաներու, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ։ Քննարկուած են անվտանգային եւ թիկունքային ապահովման շարք մը հարցեր, որոնց առնչութեամբ Դաւիթ Տօնոյեանը առաջադրած է որոշակի խնդիրներ, տուած ցուցումներ եւ յանձնարարականեր։