image

Այս կիրակի՝ 14 ապրիլին Ծաղկազարդի տօնն է

Այս կիրակի՝ 14 ապրիլին Ծաղկազարդի տօնն է

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին Տէր Յիսուս Քրիստոսի` Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը` Ծաղկազարդը, այս տարի կը տօնախմբէ 14 ապրիլին:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ տօնը տարիներ առաջ նաեւ հռչակուած է որպէս մանուկներու օրհնութեան օր:

Տօնի առիթով Միածնաէջ Մայր Տաճարի շրջափակին մէջ ժամը 10:00-ին, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի պիտի ունենայ Անդաստանի արարողութիւն եւ մանուկներու օրհնութիւն:

Մայր Աթոռի միաբանութիւնը ժամը 11:00-ին Ս. Պատարագի արարողութեան պիտի մասնակցի Սուրբ Գայեանէ վանքին մէջ, որու աւարտին տեղի կ'ունենայ մանուկներու օրհնութեան կարգ:

Երեկոյեան` ժամը 17:30-ին, Սուրբ Գայեանէ վանքին մէջ պիտի կատարուի Դռնբացէքի արարողութիւն: