image

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդունած է ՀՀ-ի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդունած է  ՀՀ-ի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանը

18 Մարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մուհամմատ Ալ Զաապին:

Շնորհաւորելով դեսպանը նշանակման կապակցութեամբ` Նորին Սրբութիւնը անոր մաղթած է արդիւնաւէտ գործունէութիւն ի նպաստ հայ-արաբական գործակցութեան առաւել սերտացման:

Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետն ընդգծած է, որ հայ-արաբական յարաբերութիւնները դարերու պատմութիւն ունին` երախտագիտութեամբ արձանագրելով նաեւ այն փաստը, որ Հայոց ցեղասպանութիւնէն ետք բազմաթիւ հայորդիներ ապաստան գտած են արաբական երկիրներու մէջ: Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձ կատարած է երկու երկիրներու միջեւ այսօր առկայ համագործակցութեան:

Դեսպան Մուհամմատ Ալ Զաապին, ուրախութիւն յայտնելով հանդիպման առիթով, խօսած է իր ծրագիրներու մասին: Վերջինս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նաեւ տեղեկացուցած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները 2019 -ը հռչակած են որպէս հանդուրժողականութեան տարի:

Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը եւ դեսպանն անդրադարձած են պետութիւններու եւ ժողովուրդներու միջեւ հանդուրժողականութեան ոգիի հաստատման կարեւորութեան՝ իբրեւ խաղաղ համակեցութեան երաշխիք, ինչպէս նաեւ կրօններու դերակատարութեան մարդկային կեանքին մէջ սիրոյ, փոխադարձ յարգանքի եւ համերաշխութեան առատացման գործին: Կարեւորուած են այս ուղղութեամբ իրականացուող ծրագրերը: